image

Թրքական զօրավարժութիւններ Միջերկրականի ջուրերուն մէջ

Թրքական   զօրավարժութիւններ  Միջերկրականի   ջուրերուն  մէջ

Թուրքիան 29 օգոստոսէն մինչեւ 11 սեպտեմբեր Միջերկրական ծովու արեւելեան մասը հրետանային վարժանքներ կատարելու մասին միջազգային ծանուցում ուղարկած է:

  Այդ կատարուած է վիճելի շրջանին մէջ՝ սեյսմահետախուզութեան (երկրաշարժի յատուկ) պատճառով Յունաստանի հետ յարաբերութիւններու սրման ֆոնին, կը գրէ ria․ru-ն։

Նաւապետներուն խորհուրդ տրուած է խուսափիլ զօրավարժութեան շրջանը այցելելէ։

Օգոստոսին կրկին սրուած են թուրք-յունական յարաբերութիւնները։ Թուրքիան յայտնած է, որ իր Oruç Reis նաւը սեյսմիկ հետազօտութիւններ սկսած է Արեւելեան միջերկրական ծովու շրջանը, զոր Յունաստանը կը համարէ իր բացառիկ տնտեսական գօտին: Սեյսմիկ հետախուզման մասին ծանուցումէն կարճ ժամանակ ետք, յայտնի դարձաւ Յունաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին մասին: Յունաստանի զինուած ուժերը կը գտնուին բարձր մարտական պատրաստութեան վիճակի մէջ։