image

Հրատապ. Դամասկոսի մերձ մեծ պայթում. Ելեքդրական հոսանքէ զրկուած են բազմաթիւ շրջաններ

Հրատապ. Դամասկոսի մերձ մեծ պայթում. Ելեքդրական հոսանքէ զրկուած են բազմաթիւ շրջաններ

Դամասկոսի մէջ մեծ պայթում մը որոտացած է։

Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ սուրիական «Ալ Ախպարիյա» կայանը։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ,որ դէպքը պատահած է Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Ալ Տամիր եւ Ատրա շրջաններէն անցնող նաւթամուղի խողովակաշարի մը մէջ։

Պայթումին հետեւանքով ծագած է մեծ հրդեհ եւ սուրիական տասնեակ քաղաքներ զրկուած են ելեքդրական հոսանքէ։

Ըստ Սուրիոյ նաւթարդիւնաբերութեան նախարար Ալի Ղանէմին, պայթումը արդիւնք է ահաբեկչական արարքի։