image

Արիւնալի ոճիր մը ցնցեց Լիբանանը. «Քաֆթուն» գաւառին մէջ սպաննուած են 3 անձեր

Արիւնալի ոճիր մը ցնցեց Լիբանանը. «Քաֆթուն» գաւառին մէջ սպաննուած են 3 անձեր

Արիւնալի դէպք մը ցնցած է Լիբանանը։

Ըստ Lebanon 24 կայքին անծանօթներ մուտք գործած են Քուրա նահանգի «Քաֆթուն» գաւառը եւ կրակ բացած անցորդներու վրայ։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած են 3 անձեր, իսկ ոճիրի հեղինակները յաջողած են խոյս տալ շրջանէն։

Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ զոհերէն մին Ալլա Ֆարէսը «Քաֆթուն» շրջանի գիւղապետի որդին է,  իսկ անոր հետ զոհուած Ժորժ եւ Ֆատի Սարգիս եղբայրները գիւղապետարանի աշխատակից ոստիկաններ։

Դէպքին շուրջ քննութիւն բացուած է։