image

«Քորոնա»ի տագնապ. Օպամայէն ծանր մեղադրանք Թրամբին

«Քորոնա»ի տագնապ. Օպամայէն ծանր մեղադրանք Թրամբին

ԱՄՆ-ի գործող եւ նախկին նախագահներ Տանըլտ Թրամբ եւ Պարաք Օպաման մեղադրանքներ հնչեցուցած են իրար հասցէին նախընտրական քարոզարշաւի շրջագիծէն ներս, քանի որ Սպիտակ տան նախկին ղեկավարը հանդէս կու գայ Ճօ Պայտընի՝ իր նախկին փոխնախագահի օգտին, գրած է Reuters-ը։

Օպաման, մասնաւորապէս, յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի ներկայ նախագահը մեղաւոր է «Քորոնա» ժահրային վարակին զոհ դարձած 170 հազար ամերիկացիներու մահուան համար:

«Տանըլտ Թրամբ արժանի չէ այդ պաշտօնին, քանի որ չի կրնար ընել իր աշխատանքը։ Եւ այդ ձախողման հետեւանքները շատ լուրջ են. 170 հազար ամերիկացիներու մահ»,-նշած է Օպաման։

Ընդ որում, ան նշած է, որ Պայտընն անհրաժեշտ փորձ եւ բնաւորութիւն ունի Միացեալ Նահանգներն աւելի ուժեղ դարձնելու համար:

Twitter-ի վրայ Թրամբ պատասխանած է Օպամային՝ նշելով, որ միայն միւս դեմոկրատ մրցակիցները դուրս մնալէն ետք Պայտընին աջակցելու Օպամայի որոշումը կը վկայէ Պայտընի թեկնածութեան վերաբերեալ վերջինիս կասկածներուն մասին:

«Ես այստեղ եմ, որովհետեւ նախապէս այստեղ աշխատեր են նախագահ Օպաման եւ Ճօ Պայտընը։ Եթէ անոնք լաւ ընէին իրենց աշխատանքը, ես այստեղ չէի ըլլար»,- ըսած է Թրամբ։

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ նշած է, որ Օպաման իրեն «որպէս ժառանգութիւն մղձաւանջ թողած է»։

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս տարուան  3 նոյեմբերին։