image

Սուրիա. Պայթումի հետեւանքով ռուս զօրավար մը զոհուած է

Սուրիա. Պայթումի հետեւանքով ռուս զօրավար մը զոհուած է

Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներու ականանետային գնդակոծութեան հետեւանքով զոհուած է Ռուսաստանի Զինուած ուժերու 5-րդ բանակի հրամանատար զօրավար-լեյթենանթ Վալերի Ասափովը:

Ինչպէս կը յայտնէ ՌԴ ՊՆ-ն, Ասափովը զոհուած է Տէր Զորի մօտ ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման գրոհայիններու ականանետային կրակէն, կը գրէ РИА Новости գործակալութիւնը:

«Ռուսական ռազմական խորհրդականներու խումբի աւագ, զօրավար-լեյթենանթ Վալերի Ասափովը սուրիացի հրամանատարներուն օգնած է Տէր Զորի ազատագրման գործողութիւններու ղեկավարման հարցով:

ԻՊ ահաբեկիչներու յանկարծակի գնդակոծութեան հետեւանքով զօրավար-լեյթենանթ Ասափովն ականի պայթումի հետեւանքով մահացու վիրաւորում ստացած է»,- նշուած է գերատեսչութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Ըստ ռուսական լրատուամիջոցներու՝ անոնցմէ բացի երկու գնդապետ ալ զոհուած է: Այս տեղեկութիւնը ՌԴ ՊՆ ոչ հաստատած, ոչ ալ հերքած է:

Այսպիսով, Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի Զինուած ուժերու ռազմական գործողութիւններու սկոզբէն ի վեր, պաշտօնական տուեալներով, ՌԴ Զինուած ուժերու 37 զինծառայողներ զոհուած են, կը յիշեցնէ EADaily գործակալութիւնը: