image

Թրքական Լիրան կը շարունակէ գահավիժիլ. «Ալ Արապիա»

Թրքական Լիրան  կը շարունակէ գահավիժիլ. «Ալ  Արապիա»

Թրքական լիրան արձանագրեց մրցանշային ամենացած մակարդակը ամերիկեան տոլարի դիմաց,  ներդրողներուն յոյսերը կախեալ ձգելով Կեդրոնական դրամատան առնելիք գործնական քայլերէն:

 Անցեալ  երկուշաբթի օր , մէկ տոլարի դիմաց թրքական լիրայի արժէքն էր 7.3880,  մինչդեռ ուրբաթ օր՝ 7. 3650:Թրքական լիրան 0.25% տոկոսէն աւելի անկում կրած է:

Վերահսկելու համար լիրայի վնասները, կ'ակնկալուէր տոկոսներու գիներու բարձրացում, սակայն Կեդրոնական դրամատունը դիմեց ֆինանսաւորման արժէքը բարձրացնելու ոչ պաշտօնական ձեւերու, անոնց կարգին՝  ուղղել վարկատուները աւելի բարձր փոխարժէքով վարկերու: Իսկ տոկոսի մասին որոշումը պիտի յայտարարուի հինգշաբթի օր:  

Կարգ մը տնտեսագէտներ  կ՚ակնկալեն, որ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը  պիտի բարձրացնէ հիմնական տոկոսադրոյքը, իսկ ուրիշներ կը կարծեն թէ պիտի շարունակուի դրամական դրոյքը սահմանափակելու քաղաքականութիւնը:     

 Իր կարգին Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողան, որ կը շարունակէ իր խուսանաւումները  յայտարարած էր, թէ Թուրքիան կանգնած է կարծր հողի վրայ  եւ ասկէ առաջ ալ դիմագրաւած է այսպիսի դժուարութիւններ: Նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ տնտեսական խորհուրդին հետ քննարկելու վերջին զարգացումները:

Ըստ Թրքական գանձարանի նախարարութեան, կառավարութեան նիւթական բացը  միայն յուլիս ամսուան կը կազմէ 29.7 միլիառ թրքական լիրա (4.02 ԱՄՆ տոլար): Այս տարուայ առաջին վեց ամիսներու բացը կազմած է 139.1 միլիառ լիրա, այսինքն գերազանցած է ամբողջ տարուայ համար կառավարութեան նախատեսած բացը:

Իր հերթին, ֆինանսներու նախարար՝ Պերաթ Ալպայրաք յայտարարած էր անցեալ շաբաթ, թէ այս տարուայ նախատեսուած նիւթական բացը պիտի չիրականանայ, «Քորոնա» ժահրի պատճառաւ, այլ պիտի կազմէ  համախառն ներքին արդիւնքի 5-6%-ը, կառավարութեան նախատեսած  2.9%-ի փոխարէն:

 

Լուրը ՝ «Ալ Արապիայա» կայքէն