image

Հրատապ. Լիբանանի Տեղեկատւութեան նախարար Մանալ Ապտըլ Սամատ հրաժարական տուաւ

Հրատապ. Լիբանանի   Տեղեկատւութեան նախարար Մանալ  Ապտըլ Սամատ հրաժարական տուաւ

Լիբանանի   տեղեկատւութեան նախարար  Մանալ Ապտըլ Սամատ  հրաժարական տուաւ։

Այս  մասին   «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  «Էլ.Պի. Սի. Այ.»  կայանէն։

Հրաժարականը      կը տրուի  այն  պահուն,  երբ երկիրը  յայտնուած է քաղաքական-ապահովական բաւական բարդ  շրջափուլի մը մէջ։

Երէկ նոյնպէս նման հրաժարականներ  եղած էին.  «Փաղանգաւոր»  կուսակցութեան   երեսփոխաններն ու անկախ    համարուող երեսփոխան  Փոլա  Եագուպեանը հրաժարական ներկայացուցած  էին։