Պէյրութը ցնցած այսօրուան պայթումին հետեւանքով զոհուած են տասնեակ քաղաքացիներ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց MTV կայանի լրագրողը, որ նաեւ նշեց որ մինչեւ այս պահը պայթումին եղած վայրին շուրջ եւ նոյնիսկ գետիններուն վրայ կան տասնեակ դիակներ։
Ինչ կը վերաբերի պայթումին պատճառած նիւթական վնասներուն, ապա վնասուած են ոչ միայն Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանը, այլ այն արուարձանները ՝ ինչպիսին են Մար Մըխայէլ, Քարանթինա եւ Էշրէֆիյա, Պուրճ Համուտ եւ Տորա շրջանները։
Նոյն լրագրողը նաեւ կը յայտնէ, որ կարգ մը շրջաններ դարձած են անճանաչելի։
Նշենք, որ Պէյրութը ցնցած պայթումին իրական պատճառները ցարդ յստակ չեն եւ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են մի քանի վարկածներ։