image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ հրդեհ Պէյրութի մօտ. Տասնեակ հիւանդներ տարհանուած են «Տէյր ալ Սալիպ» հիւանդանոցէն (Տեսանիւթ)

Մեծ հրդեհ Պէյրութի մօտ.  Տասնեակ  հիւանդներ  տարհանուած  են «Տէյր ալ Սալիպ»  հիւանդանոցէն (Տեսանիւթ)

Այսօր յետմիջօրէին  մեծ  հրդեհ մը ծագած է    Լիբանանի  Մեթն  (Պըքնայա  գաւառակ) շրջանի   «Տէյր ալ  Սալիպ»  (Սուրբ խաչ  վանք)   հիւանդանոցին շուրջ։

 Այս  մասին լուրը հաղորդեց   լիբանանեան    Mtv կայանը, նշելով,  որ  շրջանի անտառաշատ  ըլլալուն  հետեւանքով   հրդեհը    արագօրէն  տարածուած է  եւ հասած  հիւանդանոցին մօտ։

  «Քաղաքացիական պաշտպանութեան»  մարմիններ  նկատելով առկայ  վտանգը   արագօրէն  տարհանած են       հիւանդներն ու բուժ աշխատակազմի      մեծ   մասը։

 

  Ըստ «Արեւելք»ի   վերջին տուեալներուն    հրշէջ  մարմիններու աշխատանքը դրական ընթացք  կ՚ունենայ  եւ  հրդեհին հետեւանքով    տուժածներու մասին   տեղեկութիւն չէ հրապարակուած։