image

Եգիպտացի յայտնի երգչուհին անտո՞ւն. Նաժաթ Ալ Սաղիրան յայտնուած է փողոցը մնալու վտանգին առջեւ (Տեսանիւթ-, Լուսանկարներ)

Եգիպտացի  յայտնի երգչուհին   անտո՞ւն. Նաժաթ Ալ Սաղիրան յայտնուած  է փողոցը մնալու վտանգին  առջեւ (Տեսանիւթ-, Լուսանկարներ)

Վերջերս ընկերային կայքերը ողողուած է եգիպտացի նշանաւոր երգչուհի՝ Նաժաթ Ալ Սաղիրայի նկարներով, ուր երգչուհին նստած է փողոցը, իր բնակած շէնքի դիմաց: Գեղեցիկ  ձայնի տէր Նաժաթ ալ Սաղիրան  իր երգերով    մեծ   հռչակ ունեցած  արաբական  երգարուեստի  աշխարհին մէջ։

Գահիրէի Ալ Զամալէք  շքեղ շրջանի Պրազիլ փողոցին մէջ գտնուող  «Ալ Շարպաթլի» շէնքը, ուր կը բնակի երգչուհին եւ ուր բնակած են նաեւ տարիներու ընթացքին  Եգիպտոսի դերասանական աշխարհէն կարկառուն դէմքեր, ինչպէս  Մահմուտ Ալ Միլիժի, Ալուիյէ Ժամիլ, Սուատ Հուսնի եւ բեմադրիչ՝ Էզ Ալտին Ալ Զուֆիքար,  այսօր սկսած է ճեղքեր տալ ու կանգնած փուլ գալու վտանգի եզրին: Շէնքին հիմքերը հողի անկայունութեան պատճառով, սկսած են շարժիլ:

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

  Օրեր առաջ, երբ արդէն շէնքին ճեղքերը նկատելի դարձած են, Եգիպտոսի Փոխադրութեան նախարար՝ Քամէլ Ալ Ուազիր, այցելած է վայրը, եւ իշխանութիւնները յարմար նկատած են հեռացնել բնակիչները մինչեւ պէտք եղած նորոգութիւնները տեղի ունենան: Անոնք նոյնիսկ որոշած են վճարել բնակիչներուն 30000 եգիպտական  կինէ:

Եգիպտոսի «Այն Շամս» համալսարանի Շինարարական բաժնի վարիչ՝  Ամրօ Ալի Ապտըլ Ռահման, իր   պատրաստած երկրաչափական զեկոյցով լուծումներ ներկայացուցած է վտանգուած շէնքի վերականգնման գործերու առնչութեամբ: Ըստ պատկան մարմիններուն, այդ լուծումները  պիտի իրականանան 15 օրուայ ընթացքին:

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:


Յայտնի երգչուհի Նաժաթ Ալ Սաղիրա, բուն անունով Նաժաթ Մուհամէտ Քամալ Հուսնի Ալ Պապա, ծնած է 11 Օգոստոս, 1938-ին, ան քոյրն է հանգուցեալ շատ հռչակաւոր դերասանուհի՝ Սուատ Հուսնիին: 2002-ին հրաժարելով արուեստէն անցած է թոշակի, ինչ որ մեծ կորուստ էր  Արաբական արուեստի  երգադարանին համար, ան կատարած է յայտնի ու մեծ երգահաններու անմահ երգերը: Նաեւ խաղացած է դերեր քանի մը շարժապատկերներու մէջ, որոնցմէ ամէնէն յայտնին է՝   «Ալ Շումուհ ալ սուտ»ը ( «Սեւ Մոմեր»)։

 Նիւթը  ՝ «Ալ Արապիյա»էն։