image

Մայր մը իր զաւակներով հրկիզուած...սուրիացիք ցնցուած են

Մայր մը իր զաւակներով հրկիզուած...սուրիացիք ցնցուած  են

30 Յունիս, 2020-ը, Դամասկոսի արուարձաններէն Պէթ Սոհմ գիւղաքաղաքին մէջ անմոռանալի թուական մը դարձաւ, երբ գիւղացիք իմացան տեղի ունեցած ահաւոր ոճրագործութեան  մըմասին: Մայր մը իր երեք զաւակներով հրկիզուած, իսկ հօր վիճակը ծայրածեղ ծանր:

Դամասկոսի արուարձաններէն Պպելա շրջանի ոստիկանութիւնը տեղեկացուած է, թէ Պէլ Սոհմ գիւղաքաղաքի բնակարաներէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է: Հրշէջի ինքնաշարժները շտապած են այնտեղ:

Յայտնաբերուած է կնկայ մը ածխացած ու  դաշունահարուած  դիակը, որուն ձեռքերը շղթայակապուած եղած են: Եղած են նաեւ ամուսինը՝ Եասեր Թուլատ ու երեք անչափահաս երեխաները, բոլորը դանակի հարուածներ ստացած: Երեխաները նաեւ շղթայակապուած:

 Սուրիոյ Ներքին Գործոց նախարարութիւնը, իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ  հրապարակած է ոճրագործներու նկարները ու գրած թէ «Եասերի հայրը ներկայացած է ոստիկանութիւն եւ վկայութիւն տուած է, որ իր զաւակը զանգահարած է իրեն եւ ըսած թէ Մուհամմատ անունով իր գործաւորը, որ օգնած էր բնակարանի նորոգութիւնները կատարելու, իր ընկերոջ հետ տուն մտնելով դանակահարած են ընտանիքի անդամները, բռնաբարած կինը ապա հրկիզած տունը ու փախած»:

Հետախուզութիւններէ ու հետապնդումներէ ետք, ոստիկանութիւնը կրցած է ձերբակալել Մուհամմատ Մուսթաֆա կոչուող անձնաւորութիւնը, որ խոստովանած է, թէ ինք ու իր ընկերը՝ Մուհամմատ Մարզուք, ծրագրած են կողոպտել Եասերի բնակարանը, եւ կատարած են ոճրագործութիւնները:

Ըստ Ներքին Գործոց Նախարարութեան   յայտարարութեան, երբ դրացիները նկատած են հրդեհին մուխն ու ծուխը, կրցած են դուրս քաշել հօր մարմինը, որ տակաւին ողջ էր, ապա մայրն ու զաւակները: Անոնք փոխադրուած են հիւանդանոց, ուր դժբախտաբար մահացած են: Հօր վիճակը ծանր է:

Հետախուզութիւնը տակաւին կը շարունակուի, մինչեւ որ ոճրագործները յանձնուին դատավարութեան: