image

Ինչ «զէնքեր»ով Թուրքիան «կը կռուի» Լիպիոյ մէջ եւ որոնք են Անգարայի իրական «թեւեր»ը

Ինչ  «զէնքեր»ով Թուրքիան  «կը կռուի» Լիպիոյ մէջ եւ որոնք  են  Անգարայի    իրական «թեւեր»ը

Թուրքիան կրօնական եւ ցեղային պատճառաբանութիւններով կը փորձէ նուաճել Լիպիան, եւ ամէն գնով կը ձգտի տիրանալ Լիպիոյ կազին ու նաւթին, վերականգնելու իր տնտեսութիւնը: Այս մասին  խօսած է լիպիացի քաղաքագէտ՝ Ապու Եաարոպ Ալ Պարքին: Ան աւելցուցած է , որ Թուրքիան կ'ապաւինի «Իսլամ Եղբայրներ» կուսակցութեան եւ թրքական ծագումով լիպիացիներու, որոնք իրենց աջակցութիւնը բերելով ճանապարհ կը բանան Թուրքիոյ առջեւ։

 Լիպիացի   քաղաքագէտը  նաեւ նշած  ու առանձնացուցած է  այն  անունները  որոնք կը համարուին Թուրքիոյ     «յենարաններ»ը Լիպիոյ մէջ:

Ստորեւ  թարգմանաբար  կը ներկայացնենք  այդ անունները

Ֆայէզ Ալ Սարրաժ.- «Ալ Ուիֆաք» կառավարութեան նախագահը, որ անցեալ նոյեմբերին, երկու խնդրայարոյց համաձայնագրեր ստորագրեց Էրտողանի հետ: Առաջինը՝ յստակացնել Թուրքիա-Լիպիա   սահմանները, առիթ ընծայելով Թուրքիոյ օգտուելու Միջերկրականի արեւելեան շրջանի կազէն, իսկ երկրորդը՝ ռազմավարական, որու միջոցով «Ալ Ուիֆաք»  կառավարութիւնը  կը ստանայ ամէն տեսակի զինամթերք, նաեւ Սուրիայէն բերուած թրքամէտ վարձկան կռուողներ:

Ըստ 2005-ին Սարրաժի հօր հրատարակած վաւերագրական գրքին, իրենց մեծ հայրը՝ թուրք սպայ մը Իզմիրէն, Օսմանեան զօրքին հետ եկած է Լիպիա, ուր ամուսնացած է ու այնտեղ ալ մնացած:

Սալահ Պատի.- թրքամէտ ահաբեկիչ մը, որ գրաւած է քաղաքական ու ռազմական դաշտը: Կը գլխաւորէ  յատուկ խմբակցութիւն մը Մըսրաթայի եւ արեւմտեան Լիպիոյ մէջ: 2018-ին Պատժուած է Միջազգային անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ: Մեծ դեր ունեցած է Քազզաֆիի տապալումին մէջ:

Ալի Ալ Սալապի.- թրքամէտ զինուորական հրամանատար, կը բնակի Քաթարի մէջ: Ներառուած է ահաբեկչական «սեւ ցուցակ»ներու  մէջ։ Կոչ ուղղած է, որ Թուրքիան ներխուժէ Մըսրաթա, ազատագրելու թուրք փոքրամասնութիւնը:

Մուհամմէտ Սաուան.- «Արդարութիւն եւ Շինարարութիւն» կուսակցութեան պետ: Կը նկատուի «Իսլամ Եղբայրներ»ու ամէնէն կարեւոր ղեկավարներէն  մին, ընկերային եւ ցեղային առումով: Թուրքիոյ «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան դաշնակից:

Ապտ Ալ Հաքիմ Պըլհաժ.- « Ալ Քահիտա» կազմակերպութեան նախկին անդամ: Ձերբակալութեան համար ամէնէն շատ փնտռուող անձնաւորութիւնը, որովհետեւ գործած է բազմաթիւ ոճրագործութիւններ ու ահաբեկչական  արարքներ Լիպիոյ մէջ: Իր օդանաւային ընկերութեան միջոցով, աջակցութիւն կը բերէ Սուրիայէն վարձկաններ փոխադրելու գաղտնի աշխատանքներուն։

Ալ Սատէք Ալ Ղըրեանի.- Թուրքիան չզլացաւ նոյնիսկ «Իսլամ Եղբայրներ»ուն պատկանող կրօնականները ներգրաւել այս  գործողութիւններուն մէջ: Ալ Ղըրեանի «արգիլուած» համարած է հակաթրքական արաբական կարգ մը երկիրներէն ներմուծել որոշ ապրանքներ: Նաեւ պահանջած, որ Թուրքիոյ տրուի, նաւթի եւ կազի հետախուզական աշխատանքները կատարելու նախապատուութիւնը: Ան կը բնակի Թուրքիոյ մէջ  եւ կը նկարագրուի, որպէս «գաղթակղութեան, ահաբեկչութեան եւ արեան» Միւֆթին:

Ֆաթհի Պաշաղա.- «Ալուիֆաք» կառավարութեան ներքին գործոց նախարար: Մանաւանդ որ իր մականունը կը յուշէ որ ան  թրքական ծագում ունի, բայց ինք կը պատկանի արաբական ցեղախումբի: Զօրաւոր պաշտպաններէն մէկը՝ Թուրքիա-Լիպիա ծովային եւ անվտանգութեան պայմանագիրներուն, նաեւ ջատագովը զոյգ երկիրներու համագործակցութեան եւ բարեկամական յարաբերութեանց: