Թուրքիան կրօնական եւ ցեղային պատճառաբանութիւններով կը փորձէ նուաճել Լիպիան, եւ ամէն գնով կը ձգտի տիրանալ Լիպիոյ կազին ու նաւթին, վերականգնելու իր տնտեսութիւնը: Այս մասին խօսած է լիպիացի քաղաքագէտ՝ Ապու Եաարոպ Ալ Պարքին: Ան աւելցուցած է , որ Թուրքիան կ'ապաւինի «Իսլամ Եղբայրներ» կուսակցութեան եւ թրքական ծագումով լիպիացիներու, որոնք իրենց աջակցութիւնը բերելով ճանապարհ կը բանան Թուրքիոյ առջեւ։
Լիպիացի քաղաքագէտը նաեւ նշած ու առանձնացուցած է այն անունները որոնք կը համարուին Թուրքիոյ «յենարաններ»ը Լիպիոյ մէջ:
Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք այդ անունները
Ֆայէզ Ալ Սարրաժ.- «Ալ Ուիֆաք» կառավարութեան նախագահը, որ անցեալ նոյեմբերին, երկու խնդրայարոյց համաձայնագրեր ստորագրեց Էրտողանի հետ: Առաջինը՝ յստակացնել Թուրքիա-Լիպիա սահմանները, առիթ ընծայելով Թուրքիոյ օգտուելու Միջերկրականի արեւելեան շրջանի կազէն, իսկ երկրորդը՝ ռազմավարական, որու միջոցով «Ալ Ուիֆաք» կառավարութիւնը կը ստանայ ամէն տեսակի զինամթերք, նաեւ Սուրիայէն բերուած թրքամէտ վարձկան կռուողներ:
Ըստ 2005-ին Սարրաժի հօր հրատարակած վաւերագրական գրքին, իրենց մեծ հայրը՝ թուրք սպայ մը Իզմիրէն, Օսմանեան զօրքին հետ եկած է Լիպիա, ուր ամուսնացած է ու այնտեղ ալ մնացած:
Սալահ Պատի.- թրքամէտ ահաբեկիչ մը, որ գրաւած է քաղաքական ու ռազմական դաշտը: Կը գլխաւորէ յատուկ խմբակցութիւն մը Մըսրաթայի եւ արեւմտեան Լիպիոյ մէջ: 2018-ին Պատժուած է Միջազգային անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ: Մեծ դեր ունեցած է Քազզաֆիի տապալումին մէջ:
Ալի Ալ Սալապի.- թրքամէտ զինուորական հրամանատար, կը բնակի Քաթարի մէջ: Ներառուած է ահաբեկչական «սեւ ցուցակ»ներու մէջ։ Կոչ ուղղած է, որ Թուրքիան ներխուժէ Մըսրաթա, ազատագրելու թուրք փոքրամասնութիւնը:
Մուհամմէտ Սաուան.- «Արդարութիւն եւ Շինարարութիւն» կուսակցութեան պետ: Կը նկատուի «Իսլամ Եղբայրներ»ու ամէնէն կարեւոր ղեկավարներէն մին, ընկերային եւ ցեղային առումով: Թուրքիոյ «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան դաշնակից:
Ապտ Ալ Հաքիմ Պըլհաժ.- « Ալ Քահիտա» կազմակերպութեան նախկին անդամ: Ձերբակալութեան համար ամէնէն շատ փնտռուող անձնաւորութիւնը, որովհետեւ գործած է բազմաթիւ ոճրագործութիւններ ու ահաբեկչական արարքներ Լիպիոյ մէջ: Իր օդանաւային ընկերութեան միջոցով, աջակցութիւն կը բերէ Սուրիայէն վարձկաններ փոխադրելու գաղտնի աշխատանքներուն։
Ալ Սատէք Ալ Ղըրեանի.- Թուրքիան չզլացաւ նոյնիսկ «Իսլամ Եղբայրներ»ուն պատկանող կրօնականները ներգրաւել այս գործողութիւններուն մէջ: Ալ Ղըրեանի «արգիլուած» համարած է հակաթրքական արաբական կարգ մը երկիրներէն ներմուծել որոշ ապրանքներ: Նաեւ պահանջած, որ Թուրքիոյ տրուի, նաւթի եւ կազի հետախուզական աշխատանքները կատարելու նախապատուութիւնը: Ան կը բնակի Թուրքիոյ մէջ եւ կը նկարագրուի, որպէս «գաղթակղութեան, ահաբեկչութեան եւ արեան» Միւֆթին:
Ֆաթհի Պաշաղա.- «Ալուիֆաք» կառավարութեան ներքին գործոց նախարար: Մանաւանդ որ իր մականունը կը յուշէ որ ան թրքական ծագում ունի, բայց ինք կը պատկանի արաբական ցեղախումբի: Զօրաւոր պաշտպաններէն մէկը՝ Թուրքիա-Լիպիա ծովային եւ անվտանգութեան պայմանագիրներուն, նաեւ ջատագովը զոյգ երկիրներու համագործակցութեան եւ բարեկամական յարաբերութեանց: