image

Աթէնքի մէջ անկարգութիւններ

Աթէնքի մէջ անկարգութիւններ

Յունաստանի  մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնին մէջ՝ խորհրդարանի շէնքին դիմաց, անկարգութիւններ տեղի ունեցած են հանրահաւաքներու իրականացման սահմանափակումներ ենթադրող օրինագիծի քննարկման ժամանակ, կը հաղորդէ յունական ERT հանրային հեռուստաընկերութիւնը:

Շուրջ 150 մարդէ բաղկացած ցուցարարներու խումբը խորհրդարանի շէնքին յարակից հրապարակին վրայ դիւրավառ հեղուկով լեցուն շիշեր ու քարեր նետած է, ինչին ի պատասխան ոստիկանները արցունքաբեր կազ կիրառած են: Անկարգութիւննրը, աղբիւրի փոխանցմամբ, մօտ 15 վայրկեան տեւած են:

Բողոքի առիթ դարձած օրինագծով կը նախատեսուի էական փոփոխութիւններ կատարել զանգուածային հաւաքներու կայացման կարգին մէջ: Անոր ընդունուելու պարագային հաւաքներու կազմակերպիչները պարտաւորուած պիտի ըլլան իշխանութիւններուն նախապէս ծանուցել բաց տարածքներու մէջ հաւաքներ կազմակերպելու մտադրութեան մասին: Հնարաւոր է՝ արգիլուին այն հաւաքները, որոնք պիտի կազմակերպուին հանրային անվտանգութեան պատկերացումներէն ելլելով կամ որոնց կայացումը տուեալ շրջանի ընկերային-տնտեսական կեանքը որոշակիօրէն խաթարելու հաւանականութիւն կը պարունակէ:

Օրէնքի քուէարկութեան օրը Աթէնքի մէջ շարք մը հանրահաւաքներ նախատեսուած են: