image
Հրատապ լուրեր:

Զէյնապ Սուլայմանիի ամուսնութիւնը մեծ քննադատութիւններու դուռ կը բանայ

Զէյնապ Սուլայմանիի   ամուսնութիւնը  մեծ քննադատութիւններու դուռ կը բանայ

Իրանի «Երուսաղէմի  ջոկատ»ի   առաջնորդ եւ    անցեալ յունուարի  Պաղտատի մէջ  սպաննուած  զօր. Քասէմ Սուլայմանիի դուստրը Զայնապ Սուլէյմանին     օրերս ամուսնացած  է լիբանանեան «Հըզպալլա»ի     կրօնական պատասխանատուներէն  Շէյխ Հաշէմ Սաֆի   Ալտինի որդիին  հետ։

Այս միութիւնը բաւական քննադատութիւններու դուռ բացած էր մասնաւորապէս  Իրանեան  համացանցի  ընկերային  էջերուն  վրայ: Իրանեան իշխանամէտները մեղադրած  են Զայնապը, որ չսպասելով հօր մահուան տարելիցը, ինչպէս սովորոյթն է, դիմած էր այսպիսի քայլի մը: Մինչդեռ ուրիշներ պարզապէս շնորհաւորած ու գնահատած  են  զայն։

Ընդդիմադիրները այս ամուսնութեան մէջ  տեսած են  քաղաքական շահեր, որոնք կը ձգտին աւելիով  ամրացնելու Իրանի  Իսլամական Հանրապետութեան եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ  յարաբերութիւնները եւ առիթ չխնայած  քննադատելու Իրանեան իշխանութիւններն ու «Հըզպալլա»ն:

Առաջինը, որ ամուսնութեան այս լուրը տարածած է, եղած է  «Մահր» լրատուական գործակալութիւնը, իսկ  «Հըզպալլա»ի  այլ   աչքառու գործիչներէն ՝ Իմատ Մուղնիյէի (սպաննուած   2008 թուականին Դամասկոսի մէջ  գրանցուած  ականուած  ինքնաշարժի  պայթումին հետեւանքով)  դստեր ՝Զայնապ Մուղնիէի կողմէ  կատարուած հրապարակումը, ունեցած է բաւական   մեծ  խորհուրդ։

Հիմնական պատճառը այս ամուսնութեան բարձրացուցած  աղմուկինպ, այն է, որ Իրանի տարածաշրջնային ծրագիրներու «երկրաչափ» եւ «Երուսաղէմ ջոկատի» հրամանատար՝  զօր  Քասէմ Սուլայմանին՝ մեծ դեր ունեցած է  «Հըզպալլա» լիբանանեան կուսակցութեան աջակցութեան գործին մէջ, որ իր քաղաքական  նպատակներով եւ կրօնական դաւանանքով միշտ հաւատարիմ    մնացած է Իրանին:

Ինչ կը վերաբերի Զայնապ Սուլայմանիին, ան իր հօր յուղարկաւորութեան օրը, կոչ ուղղած էր  Սէյիտ  Հասան Նասրալլային, Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Ասատին,  ԵՒ «Համաս»ի առաջնորդ ՝Իսմահիլ Հանիյաին, հակադարձելու եւ անպատասխան չձգելու իր  հօր սպանութիւնը։

 Ան  իր հօր  յուղարկաւորութեան օրը ըսած էր ՝ «Յատուկ ողջոյն լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան առաջնորդին,  որովհետեւ գիտեմ որ հօրս արեան վրէժը պիտի լուծէ»:

Յունուարի վերջաւորութեան, Զայնապ այցելած էր Լիբանանի Հարաւային արուարձանը, շեշտելու Թահրանի եւ «Հըզպալլա»ի  կապուածութիւնը: Ան նոյնիսկ  ներկայ եղած էր այնտեղ,  կնոջական կազմակերպութիւններու կողմէ կազմակերպուած տօնակատարութեան մը, ուր արաբերէն լեզուով ըսած էր « Դուք մեզի հետ եւ մենք ձեզի  հետ ենք  մինչեւ վերջ»: Շատեր Զայնապի գործելաձեւին մէջ կը տեսնեն իր հօր կատարած դերին շարունակութիւնը:

 

 Քաղուած ՝ «Ալ Արապիա»էն։