image

Թուրքիոյ հարցով Պաղտատ պիտի դիմէ ՄԱԿ-ին

Թուրքիոյ հարցով Պաղտատ պիտի դիմէ ՄԱԿ-ին

Պաղտատը կրնայ դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդ եւ Արաբական պետութիւններու լիկա (ԱՊԼ), որպէսզի դադարեցուին Իրաքի տարածքին Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, յայտարարած է Իրաքի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Ահմատ Ալ-Սահաֆը։

Յունիսին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր երկու խոշոր գործողութիւններու մասին՝ ընդդէմ երկրին մէջ արգիլուած Քիւրտստանի աշխատանքային կուսակցութեան, Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, երբ Պաղտատը երկու անգամ Թուրքիոյ դեսպանին բողոքի գիր ներկայացուց։ Իրանի ԱԳՆ-ն իր հերթին կոչ ըրած է Անգարային՝ դադրեցնելու միակողմանի ռազմական գործողութիւնները՝ նշելով, որ Պաղտատը պատրաստ է համագործակցելու սահմանին անվտանգութիւն ապահովելու հարցով, երկու կողմերու շահերը պահպանելու պայմանով:

«Իրաքը կրնայ դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդ՝ խնդրելով կայացնել արտահերթ նիստ, այդ հարցը քննարկելու համար, ինչպէս նաեւ Արաբական պետութիւններու լիկա , Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւն եւ այլ կառոյցներ»,-ըսած է Ալ-Սահաֆը՝ մեկնաբանելով Պաղտատի հետագայ քայլերը թրքական Զինուած ուժերու կողմէ Իրաքի տարածքին չդադարող կրակոցներուն առթիւ։

Իշխանութիւնները կրնան գործադրել Թուրքիոյ վրայ ազդեցութեան նաեւ այլ լծակներ, ինչպէս՝ տնտեսական, նշած է ան։ «Իրաքի մէջ կան տասնեակ թրքական տնտեսական եւ ներդրումային ընկերութիւններ, երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կը գերազանցէ 16 միլիառ տոլարը, տարեկան»,-նշած է Ալ-Սահաֆը։