image
Հրատապ լուրեր:

Աշխարհի մէջ. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հատեց 10 միլիոնը

Աշխարհի մէջ. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հատեց 10 միլիոնը

Աշխարհի մէջ «Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 10 մլն-ը: Ինչպէս կ'երեւայ worldometers.info կայքի՝ պարբերաբար թարմացուող տուեալներէն, 27 յունիսին արդէն աշխարհի մէջ վարակման յայտնաբերուած դէպքերու թիւը կազմած է 10 004 961:

«Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հիւանդութենէն մինչ օրս մահացած է 498 990 մարդ, ապաքինուած է 5 141 852-ը: Աշխոյժ վարակակիրներէն (4 091 119) ծանր կը գնահատուի 1 տոկոսի (57 701) վիճակը: Վերջին մէկ օրուան մէջ ողջ աշխարհի մէջ վարակման աւելի քան 106 հազար դէպք բացայայտուած է:

Վարակման, ինչպէս նաեւ մահացութեան ցուցանիշով առաջատարը աշխարհի մէջ ԱՄՆ-ն է, ուր վերջին օրերուն վարակման դէպքերու աճ կը նկատուի: Ընդհանուր առմամբ, ԱՄՆ-ի մէջ յայտնաբերուած է վարակման 2 581 648 դէպք, որոնցմէ 127 967-ը՝ մահուան ելքով:

Վարակակիրներու թիւով ԱՄՆ-ին կը յաջորդեն Պրազիլը (1 284 214), Ռուսաստանը (627 646), Հնդկաստանը (529 331), Մեծ Բրիտանիան (310 250):

Մահացութեան ցուցանիշով առաջատար երկիրներէն են Պրազիլը, Մեծ Բրիտանիան, Իտալիան, Սպանիան, Ֆրանսան, Մեքսիքան: