image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպան կրնայ դարձեալ «ինքնամեկուսանալ». Գերման Նախարար

Եւրոպան  կրնայ դարձեալ «ինքնամեկուսանալ». Գերման Նախարար

Եւրոպայի սահմանները կրնան կրկին փակուիլ, եթէ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի կտրուկ աճ ըլլայ Եւրոպական Միութեան այս կամ այն երկիրին մէջ։ Այս մասին dpa-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խայկօ Մաասը։

Ան նշած է, որ նման որոշումները պէտք է համաեւրոպական մակարդակով համակարգուին եւ քուէարկութեան դրուին։

«Քորոնա» ժահրի համավարակի սկզբնաւորութեան, Եւրոպական Միութեան անդամ շատ մը երկիրներ, անոնց կարգին՝ Գերմանիան, միակողմանիօրէն որոշեց փակել սահմանները: Մայիսէն սկսեալ, Եւրոպական միութեան եւ Շենկենեան գօտիէն ներս սահմանները աստիճանաբար բացուեցան: Միայն Նորվեկիան եւ Ֆինլանտան մտադիր չեն մինչեւ Յուլիսի կէսը բանալու իրենց սահմանները:

1 Յուլիսէն սկսեալ, Գերմանիան կը նախագահէ Եւրոպական Միութիւնը: Ըստ Մաասի՝ կազմակերպութեան անդամ-պետութիւններու ակնկալիքները, կապուած համավարակին հետ, Գերմանիայէն շատ մեծ են: Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը նշած է երեք կարեւորագոյն նպատակներ, ԵՄ-ի տնտեսութիւններուն, մինչեւ 2027 թուական օգնելու բազմամիլիառանոց ծրագիրի վերաբերեալ համաձայնագիրի կնքում, Brexit-ի շուրջ բանակցութիւններ եւ ԵՄ-ի յստակ դիրքորոշում՝ Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի ու Ռուսաստանի հետ մրցակցային յարաբերութիւններուն, յայտնած է DW-ն:

Կ'ակնկալուի, որ Յուլիսին, հանուի ԵՄ մուտքի սահմանափակումները, Հարաւային Քորիայէն եւ Նոր Զելանտիայէն ժամանողներուն համար: Ռուսաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Պրազիլէն ժամանողները մուտքի թոյլտուութիւն կը ստանան բացառիկ պարագաներուն։ Երկիրներու ցուցակը, ուրկէ կարելի կ'ըլլայ անխոչընդոտ մուտք գործել ԵՄ-ի գօտի, վերջնականապէս կը հաստատուի երկուշաբթի օր:

Հետագային, մուտքի արգելման կամ թոյլտուութեան հիմնական գործօնը պիտի ըլլայ վերջին երկու շաբթուայ ընթացքին մեկնման երկրին «Քորոնա» ժահրի վարակի պարագաներու թիւը՝ 100 000 բնակիչի հաշիւով պէտք է ըլլայ 16 կամ աւելի քիչ պարագայ, ինչ որ կը համապատասխանէ ԵՄ-ի միջին ցուցանիշին: Եւ նաեւ կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ վարակուածներու թիւին նուազումի միտումը: