image

Աֆրին քաղաքը թրքամէտներու համար դարձած է «Չարչարելու դրախտ» մը

Աֆրին քաղաքը թրքամէտներու համար դարձած է «Չարչարելու դրախտ» մը

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, թրքամէտ զինեալ խմբակցութիւնները դեռ կը շարունակեն իրենց կիրարած ոտնձգութիւնները քաղաքացիներուն նկատմամբ, իրագործելով յաւելեալ ձերբակալութիւններ, առեւանգումներ, կողոպուտ եւ տեղահանութիւն:

Հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին քաղաքի եւ ընդհանրապէս բոլոր այն շրջաններուն մէջ, ուր կ'իշխեն այս խմբակցութիւնները, աւելցած են բռնութիւնները: Հակառակ ուղղուած յաճախակի կոչերուն դադրեցնելու այս կիրարումները, անոնք կը շարունակեն քաղաքացիներ ձերբակալել, առանց տեղեկացնելու  հարազատներուն, մերժելով  նոյնիսկ  հարցաքննութիւն կամ դատավարութիւն  իրականացնել։ Տեղի կ'ունենան առեւանգումներ,  քաղաքացիներէն դրամ շորթելու նպատակով։

 

Վաւերագրուած ձերբակալութիւններ

Ըստ «Ալ   Արապիա» կայանին թրքամէտ ուժերու  տիրապետութեան տակ գտնուող Աֆրին քաղաքին մէջ, Ապրիլ ամսուայ ընթացքին՝ 60 եւ Մայիսին՝ 41 ձերբակալուածներու անուններ  յայտնի դարձած են,  նշելով նաեւ  որ  իսկական թիւը շատ աւելի է:

 

Չարչարնքներով սպանուած

 Աղբիւրը կը նշէ, որ աւելի քան 24 կալանաւորուած քաղաքացիներ ենթարկուած են չարչարանքներու, եւ անոնցմէ երկուքը մահացած են:

Ըստ կեդրոնին, սոյն խմբակցութիւնները ենթակայ են զինուորական եւ անվտանգութեան հրամանատարութեան մը, զոր հիմնած է Թուրքիան տարածաշրջանին մէջ: Աֆրին քաղաքը բաժնուած է զանազան անջատ շրջաններու. իւրաքանչիւր շրջան ունի իր զինեալ խմբակցութիւնը եւ հրամանատարը, յատուկ բանտերն ու յատուկ օրէնքները: Ինչպէս նաեւ կան տասնեակ տարբեր զինեալ խումբեր, որոնք կը հսկեն գիւղերու միջեւ ստեղծուած անցակէտները:

Երկու տարիէ ի վեր, Թուրքիան կը հովանաւորէ նաեւ «Ազգային բանակ» կոչուած խմբակցութիւնը, որ բռնագրաւելով գիւղեր, կ'առեւանգէ ընտանիքներու բոլոր անդամները՝ հայր ու որդիներ, տանելով զանոնք դէպի անյայտ ճակատագիր:

Նշուած է, որ երկրի հիւսիսային տարածաշրջանն ու Աֆրին քաղաքը, ականատես կ'ըլլան ամէնօրեայ թալանի, տուներու եւ հողերու բռնագրաւումի, ծառերու կտրատումի ինչպէս նաեւ  կամայական ձերբակալութիւններու: