image

Ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներու Անգարա տալիք այցը յետաձգուեցաւ

Ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներու Անգարա տալիք այցը յետաձգուեցաւ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու այցը Թուրքիա, որուն մասին մամուլի մէջ բւական աշխոյժ կանխատեսումներ եղած էին, չէ կայացած: ՌԴ ԱԳՆ-ն յատուկ հաղորդագրութեամբ տեղեկացուցած է, որ ռուս-թրքական բանակցութիւնները անորոշ ժամանակով յետաձգուած են:

Մեկնաբանները կարծիք յայտնած էին, որ կողմերուն միջեւ քննարկման առարկայ կրնայ ըլլալ իրավիճակը Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ: Տեղեկութիւն կար, որ ռուս-թրքական բանակցութիւններուն կրնայ միանալ նաեւ Իրանը:

Բացառուած չէ, որ կամ վերջին պահուն իրանական կողմը հրաժարած է, կամ Թեհրանի մասնակցութեան դէմ արտայայտուած է Թուրքիան, որմէ ետք Ռուսաստանը մերժած է բանագնացները Պոլիս գործուղելու եւ Էրտողանի հետ, առանց Իրանի, համաձայնութեան գալու տարբերակը: Կայ նաեւ  երրորդ տարբերակ. Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի հարցի վերաբերեալ Ռուսաստանը, հաւանաբար, կը փորձէ ուղղակի պայմանաւորուիլ Միացեալ Նահանգներու հետ՝ խաղէն դուրս ձգելով Թուրքիան: