image
Հրատապ լուրեր:

Լոնտոնի մէջ անկարգութիւնները կը շարունակուին

Լոնտոնի մէջ անկարգութիւնները կը շարունակուին

Լոնտոնի բողոքի ցոյցի ժամանակ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ տեղի ունեցած է բախում, որու ժամանակ ցուցարարները իրաւապահներուն վրայ շիշեր նետած են, կը յայտնէ BBC News-ը։

Հեռատեսիլի կայանը կը նշէ, որ չնայած բոլոր նախազգուշացումներուն, բրիտանական մայրաքաղաքի կեդրոնը հաւաքուած են ցուցարարներ։ Անոնք յայտարարած են, որ կը պաշտպանեն յուշարձանները հակացեղապաշտական շարժման աքթիւիսթներէն։

Նշուած է, որ ցոյցին մասնակցած են «աջ» շարժման ներկայացուցիչներ, յայտարարելով, որ ժամանած են Լոնտոն, որպէսզի պաշտպանեն բրիտանական պատմութեան խորհրդանիշները։

Հաւաքուածներուն մէջ եղած է նաեւ ծայրայեղ աջակողմեան Britain First խումբի առաջնորդ Փոլ Հոլտինկը, որ նախապէս մեղադրուած է ահաբեկչական բնոյթի յանցագործութիւն կատարելու մէջ։ Ան յայտարարած է, թէ եկած է պաշտպանելու յուշարձանները։

Յիշեցնենք, որ նախապէս հակացեղապաշտական ցոյցերու ժամանակ վանտալիզմ տեղի ունեցած էր Ուինսթըն Չըրչըլի յուշարձանի հանդէպ։ Անյայտ չարագործները յուշարձանին վրայ գրած էին․ «եղած է ցեղապաշտ»։

Քաղաքի իշխանութիւնները ստիպուած շրջափակած են յուշարձանը։ Կը նախատեսուի զայն տեղափոխել թանգարան, հաւանական սպառնալիքէն պաշտպանելու համար։