Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ քիչ առաջ հրամանագիր մը ստորագրեց, որուն հիմքով Հիւսէյն Արնուս նշանակուեցաւ երկրի վարչապետ։
Կը նշուի, որ արնուս այսպիսով պիտի փոխարինէ Իմատ Խամիսը, որ վերջին տարիներուն կը վարէր Սուրիոյ հանրապետութեան վարչապետի պաշտօն։
Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու Ասատի այս կարգադրութեան հիմնական նպատակն է լուծում տալ Սուրիոյ տնտեսական խնդիրներուն, որ վերջին շաբաթներուն երկիրը իրողապէս վտանգող մեծ տագնապի վերածուած էին։
Արնուս մինչեւ վարչապետի պաշտօնին կոչուիլը կը վարէր Սուրիոյ հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօն։