image

Պարէնի լուրջ տագնա՞պ. ՄԱԿ-ի առաջին քարտուղարի ահազանգը

Պարէնի լուրջ  տագնա՞պ. ՄԱԿ-ի առաջին քարտուղարի ահազանգը

«Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով աշխարհը կրնայ բախուիլ համաշխարհային պարէնային աղէտի, եթէ շտապ միջոցներ չձեռնարկուին, նշուած է ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի վերլուծական գրառման մէջ:

Անոր խօսքով՝ COVID-19 համավարակը սպառնալիք կը ներկայացնէ աշխարհի առաւել խոցելի հանրոյթները սնունդով ապահովելուն: Գոյութիւն ունեցող պարէնային համակարգերու գործառնութիւնը կրնայ խախտուիլ նոր «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած սահմանափակումներու պատճառով, կը նախազգուշացնէ ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարը:

«Սա նաեւ կրնայ յանգեցնել ծանր հետեւանքներու: Եթէ շտապ միջոցներ չձեռնարկուին, ընթացիկ իրավիճակը կրնայ վերածուիլ համաշխարհային պարէնային աղէտի»,- նշած է Կութերէշը:

Անոր խօսքով՝ շատ երկիրներ արդէն կը զգան սննդամթերքի սուր պակասը:

«Դեռ մինչեւ համավարակի սկսիլը հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ քաղցած էին»,- նշած է ան:

ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարը շարք մը յանձնարարականներ տուած է: Անոր կարծիքով՝ պետութիւնները, մասնաւորապէս, պէտք է ապահովեն պարէնային հատուածի աշխատողներու պատշաճ պաշտպանութիւնը, համոզուին, որ մարդասիրական օգնութեան շրջածիրէն ներս սննդամթերքի չափազանց կարեւոր մատակարարումները առանց խոչընդոտներու կը հասնին բնակչութեան առաւել խոցելի խումբերուն: