image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոս. Վարակակիրներու թիւը անցաւ 35 հազարը

Եգիպտոս. Վարակակիրներու թիւը անցաւ 35 հազարը

COVID-19-ով վարակման դէպքերու թիւը Եգիպտոսի մէջ գերազանցած է 35 հազարը, գրանցուած է վարակի մօտ 1400 նոր դէպք, յայտնած են երկրի առողջապահութեան նախարարութենէն:

«Արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութեան 1365 նոր դրական արդիւնք, որոնք գրանցուած են հիւանդներու հետ նախապէս շփուածներուն հետեւելու ընթացակարգի միջոցով: Մէկ օրուան ընթացքին 34 մարդ մահացած է հիւանդութենէն», - նշուած է գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Խալետ Մուկահետի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Դէպքերու մեծ մասը գրանցուած է Գահիրէի հիւսիսային նահանգներուն, Ճիզայի, Քալիւպիայի մէջ:

Մուկահետի խօսքով՝ բոլոր նոր հիւանդները «Քորոնա» ժահրային հիւանդանոցներուն մէջ են եւ բուժօգնութիւն կը ստանան ԱՀԿ ցուցումներուն համաձայն:

«Եգիպտոսի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու ընդհանուր թիւը 35 444 մարդ է, առողջացած է 9375 մարդ, մահացած է 1271-ը», - յայտնած է Մուկահետը: