image

Ամերիկեան բանակի 43 000 զինուորներ կը մասնակցին ապահովական միջոցառումներուն

Ամերիկեան բանակի 43 000 զինուորներ կը մասնակցին ապահովական միջոցառումներուն

Ամերիիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային պահակագունդի  աւելի քան 43000 անդամ ներգրաւուած է Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք, երկրի ողջ տարածքով շարունակուող բողոքի ցոյցերու ժամանակ կարգ ու կանոնի պահպանման:

Ինչպէս կը փոխանցէ CNN-ը, այս մասին շաբաթ օր հաղորդուած է Ազգային պահակագունդի թուիթըրեան էջին վրայ: Նշուած է, որ յատուկ գործողութիւններուն մասնակցող զինուորականներուն թիւը աւելցած է 1800-ով:

«Ազգային պահակագունդի աւելի քան 43 300 անդամ միացած է 34 նահանգներու եւ Ուաշինկթոն շրջանի մէջ ուժային կառոյցներու գործողութիւններուն, աջակցելու անոնց քաղաքացիական անհնազանդութեան դէմ պայքարին, մինչդեռ պահակագունդի աւելի քան 37 000 զինուորներ եւ բանակայիններ կը շարունակեն աջակցիլ «Քովիտ-19»-ի դէմ պայքարին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ, մօտ 20 000 մարդ ելած էր բողոքի ցոյցի, ընդդէմ ցեղապաշտութեան՝ «Սեւամորթներու կեանքը կարեւոր է» կարգախօսով:

Նոյն կարգախօսի ներքոյ՝ բազմահազարանոց ցոյց տեղի կ'ունենայ նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ:  

Յիշեցնենք, որ ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ իրաւախախտին սպանութիւնը տեղի ունեցած է 25 մայիսին Մինէապոլիս քաղաքին մէջ, ուր ձերբակալութեան պահուն նախկին ոստիկան՝ Տերեք Չաուվինը ծունկով սեղմած պահած է Ֆլոյտի պարանոցը: Ան անտեսած է Ֆլոյտի աղաչանքները, որու հետեւանքով տղամարդը շնչահեղձ եղած է: Կատարուածէն զայրացած ամերիկացիները ամէն օր ցոյցի կ'ելլեն պահանջելով խստօրէն պատժել ոչ միայն Չաուվինը, այլեւ միւս երեք ոստիկանները, որոնք կանգնած ըլլալով կողքին ոչինչ ըրած են տղամարդը փրկելու համար: