image

Թուրքիոյ քայլերը ուղղուած են բոլորին դէմ. Կիպրացի նախարար

Թուրքիոյ քայլերը ուղղուած են բոլորին դէմ. Կիպրացի նախարար

Թուրքիոյ գործողութիւնները ուղղուած են ոչ միայն Կիպրոսի, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն դէմ: Այս մասին յունական OpenTV-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Կիպրոսի ԱԳ նախարար Նիկոս Խրիսթոտուլիտեսը:

Անոր խօսքով՝ Անգարայի գործողութիւնները տարածաշրջանին մէջ մտահոգութիւն կը յարուցեն տարածաշրջանի եւ անոր սահմաններէն դուրս բոլոր պետութիւններուն համար: «Ես երեքշաբթի խօսած եմ իմ գերմանացի գործընկերոջ հետ: Ակներեւ էր, որ ան մտահոգուած է Թուրքիոյ գործողութիւններով, յայտարարութիւններով եւ ընդհանրապէս անոր մօտեցմամբ, որ կը խախտէ միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները»:

Ան նշած է, որ Կիպրոսն ու Յունաստանը մշտական կապ կը պահպանեն՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրները անհրաժեշտ բոլոր միջոցները կը ձեռնարկեն՝ հնարաւոր «թէժ միջադէպէն» խուսափելու համար: «Բոլորը կը հասկնան, որ իրադարձութիւններու նման զարգացումը շատ բացասական կրնայ ըլլալ»,- ըսած է ան:

Կիպրոսի ԱԳ նախարարը յիշատակած է նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրներու հետ Կիպրոսի եւ Յունաստանի համագործակցութեան մասին՝ նշելով, որ առաջիկային պիտի յայտարարուի նախաձեռնութեան մասին՝ պետութիւններու հետ, որոնց կ'առնչուին Թուրքիոյ անօրինական գործողութիւնները: