image

Նիւ Եորքի մէջ. Մէկ շաբաթով «Պարէտային ժամ» յայտարարուած է

Նիւ Եորքի մէջ. Մէկ շաբաթով «Պարէտային ժամ» յայտարարուած է

ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ այսօր երեկոյեան մեկնարկող պարէտային ժամը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբթուայ վերջ: CNN-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տե Պլազիոն:

Պարէտային ժամ սահմանուած է ամէն օր 20:00-էն մինչեւ 05:00-ը: «Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ բռնութիւն: Մենք չենք հանդուրժեր ոստիկաններու նկատմամբ յարձակումները: Մենք չենք հանդուրժեր ատելութեան սերմանումը»,- ըսած է Պլազիոն:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ շարք մը քաղաքներու մէջ պարէտային ժամ սահմանուած է՝ պայմանաւորուած սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք փողոց դուրս եկած ցուցարարներու բազմութեամբ, որոնք նաեւ անկարգութիւններ եւ աւերածութիւններ կ'իրականացնեն փողոցներուն մէջ:

Ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ տղամարդը ձերբակալութեան ժամանակ խեղդամահ ըրած է Մինեապոլիսի ոստիկանութեան նախկին սպայ Տերեք Չաուվինը, որ այժմ ձերբակալուած է: Հազարաւոր ցուցարարներ տարբեր քաղաքներու մէջ կը պահանջեն խստագոյնս պատժել Չաուվինը: