image

«Քորոնա»ն կը նահանջէ Սպանիոյ մէջ

«Քորոնա»ն կը նահանջէ Սպանիոյ մէջ

Երկրորդ օրը անընդմէջ Սպանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահուան դէպք չէ արձանագրուած: CNN-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին երեքշաբթի յայտարարած է թագաւորութեան առողջապահութեան ներկայացուցիչը:

«Քորոնա» ժահրէն մահացութեան ընդհանուր ցուցանիշը Սպանիոյ մէջ 27 127 է: Կիրակի օրէն այս թիւը չէ փոխուած: Սակայն առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ կեդրոնի ղեկավար Ֆերնանտօ Սիմոնը յայտնած է, որ մահուան դէպքերու ցուցանիշը կրնայ յստակ չըլլալ, քանի որ 17 նահանգային կառավարութիւններ խնդիրներ ունին այդ տուեալները ներկայացնելու հետ կապուած:

Վերջին մէկ օրուան մէջ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման 137 նոր դէպք արձանագրուած է: Նախորդ օրուայ տուեալը 74-ն էր: