image

Սեւամորթ քաղաքացիի դաժան սպանութենէն ետք ԱՄՆ-ի շարք մը շրջաններու մէջ լարուած իրավիճակ

Սեւամորթ քաղաքացիի դաժան սպանութենէն ետք ԱՄՆ-ի շարք մը շրջաններու մէջ լարուած իրավիճակ

ԱՄՆ Մինեսոթա նահանգի Մինեապոլիս քաղաքի մէջ արդէն երրորդ գիշերն է լարուած  իրավիճակ կը տիրէ՝ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան հետեւանքով բռնակծ ցոյցերու պատճառով. ցուցարարները իրենց բողոքը կ'արտայայտեն դիմելով հրկիզումներու, անոնք մասնաւորապէս կը հրկիզեն ոստիկանական բաժանմունքը, կը գրէ The Guardian պարբերականը:


Անկարգութիւնները սկսած են, երբ ոստիկանը դաժանաբար սպաննած է սեւամորթ իրաւախախտ Ճորճ Ֆլոյտը եւ համապատասխան տեսանիւթը տարածուած է համացանցի մէջ: Յայտնի է, որ սպիտակամորթ ոստիկանը, մօտ 9 վայրկեան պառկեցնելով Ֆլոյտը գետնին, ծունկով սեղմած է անոր վիզը եւ ուշադրութիւն չէ դարձուցած տղամարդուն բացականչութիւններուն, երբ ան գոռացած է, որ չի կրնար շնչել:

Այս դէպքէն բարկացած՝ հարիւրաւոր ցուցարարներ քալած են քաղաքի կեդրոնով՝ բացականչելով արդարութեան կոչեր եւ բարձրացնելով պաստառներ, որոնց  վրայ գրուած է՝ «Ես չեմ կրնար շնչել»:




 

Օրը մթնելուն պէս իրավիճակը աւելի սրուած է, ցուցարարները սկսած են հրկիզել շէնքերը: Սակայն ցուցարարներու հիմնական թիրախը եղած է 3-րդ ոստիկանական բաժանմունքը, ուր ներխուժած են երիտասարդները եւ հրկիզած:

Ոստիկանները հետեւած են դէպքերու զարգացման, բայց չեն միջամտած: Ոստիկանները մարած են հրդեհները, բայց չեն մօտեցած ոստիկանական բաժանմունք: 

Բողոքողները կը պահանջեն խստագոյնս պատասխանատւութեան ենթարկել մարդասպան ոստիկանը եւ անոր հետ եղած մնացած երեք սպաները, որոնք դէպքի վայր գտնուելով ոչինչ ձեռնարկած են տղամարդուն կեանքը փրկելու համար։





 

It's a big deal that the outrage expressed over George Floyd's ...