image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ նախագահ ՝ Ասատ Մախլուֆի հարցով կտրուկ քայլերու գնաց

Սուրիոյ նախագահ ՝ Ասատ  Մախլուֆի հարցով կտրուկ քայլերու  գնաց

Սուրիոյ նախագահի հրամանով կտրական արգելք դրուած է    գործարար Ռամի Մախլուֆին, երկրի սահմաններէն   դուրս գալու վերաբերեալ։ Այս   մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է    Սուրիոյ հարցերուն   մասին  գրառումներ կատարող    դիմատետրի էջեր յղում  ընելքով  Դամասկոսի  պաշտօնական   մարմիններուն։

Վարչական դատական դատարանը այս որոշումը առած է 20-5-2020-ին, հաղորդակցութեան նախարարութեան ներկայացուցած հայցէն ետք:  Դատական հայցը կը պահանջէ Ռամի Մախլուֆի տնօրինած  «Սիրիաթել»  ընկերութենէն կառավարութեան վճառել իրենց վրայ եղած նիւթական պարտաւորութիւնները։

 Այս զարգացումներուն  զուգահեռ Մախլուֆի  Եղբայրը ՝ Իհապ Մախլուֆ, յայտարարած է, թէ ինք կը  հրաժարի  «Սիրեաթել» ընկերութեան տնօրէնի   պաշտօնէն, հաստատելով իր հաւատարմութիւնը Երկրի նախագահին: Ան   ըսած է.- «Աշխարհի ընկերութիւնները չեն կրնար խախտել հաւատարմութիւնս հանդէպ  նախագահ Ասատին»:

Մախլուֆի երկրէն մեկնելու արգելքը, եկած է «Դամասկոսի թղթադրամներու շուկա»յի որոշումէն ետք, ըստ որու բռնագանձուած են անոր գումարները երկրի 12 հաստատութիւններուն եւ դրամատուներուն մէջ: Ինչպէս նաեւ Ֆինանսական նախարարութիւնը բռնագանձած է Մախլուֆի  ու անոր կնոջ ու զաւակներու շարժական ու անշարժ գոյքի գումարները, որպէս  երաշխիք պահանջուած նիւթական պարտաւորութիւններուն, որոնք կը կազմեն մօտաւորապէս 130 միլիառ սուրիական թղթոսկի:

  Նշենք, որւ ապրիլ ամսուան ընթացքին Մախլուֆ  տեսանիւթ մը հրատարակած է, ուր կը խնդրէր նախագահէն, կասեցնել իր նկատմամբ հետապնդումները, եւ ինք պատրաստ է վճարելու պահանջուածը, ծրագրուած վարկերու դրութեամբ: Իսկ Մայիսին, երկրորդ տեսանիւթով մը հանդէս եկած է , ուր կոչ կ'ուղղէր նախագահին, թէ իշխանութիւնները կը ձերբակալեն խնդրայարոյց ընկերութեան պաշտօնեաները:  Իսկ երրորդ տեսանիւթին մէջ, սպառնալից  խօսակցական ոճով կը յայտարարէր, թէ իշխանութիւնները կը ճնշեն զինք, որ անպայման հրաժարի իր պաշտօնէն:

Այս տեսանիւթերէն ետք սահմանափակումները աւելի շատցած են, որոշում առնուած է զրկել զինք, պետական որեւէ հաստատութեան մը հետ համաձայնագրութիւններ կնքելէ, յառաջիկայ հինգ տարուայ ընթացքին: Նախագահին հետ հաշտուելու Մախլուֆի  դիմած բոլոր փորձերը հասած են փակուղի:

Նախագահը  նաեւ կասեցուցած է  Մախլուֆի «Ալ Պուսդան» բարեգործական միութեան տնօրէնի պաշտօնը:

Յիշեցնենք,  որ Ռամի Մախլուֆ միջազգայնօրէն պատժուած էր 2008-ին, փտածութեան ու նախագահին հետ իր ազգականական կապը շահագործելու մեղադրանքով: Անոր հաշիւները սառեցուած էին Եւրոպական Միութեան ու Զուիցերիոյ մէջ: