image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր մարտեր «Սահըլ ալ ղապ» շրջանին մէջ. Սուրիոյ բանակը կը մնայ անդրդուելի

Ծանր մարտեր   «Սահըլ ալ ղապ» շրջանին մէջ. Սուրիոյ բանակը   կը մնայ   անդրդուելի

Ծանր մարտեր   «Սահըլ ալ ղապ» շրջանին մէջ. Սուրիոյ բանակը   կը մնայ   անդրդուելի

 Սուրիոյ  բանակի  պաշտպանական  դիրքեր    թիրախ   դարձած են ահաբեկչական    գրոհներու։

 Այս  մասին   տեղեկութիւնը, ըստ «Արեւելք»ի   աղբիւրին    հաղորդած   է հալէպցի լրագրող ՝Քինանա  Ալլուշ։

 Աղբիւրը կը նշէ, որ երէկ ծանր մարտեր  տեղի ունեցած են  Համայի մերձ գտնուող եւ  Սահըլ  Ալ Ղապ  եւ  Ժապալ  Զաուիյաթ  շրջաններուն  մէջ,   ուր «Իսլամական-թուրքիստանական»   (Արաբերէն ՝«Հըզպ  իսլամի թուրքիստանի») անունով   յայտնի  կազմակերպութեան  ահաբեկիչներ  «Հաուըն»   տիպի հրթիռներով հարուածներ հասցուցած են  շրջանի  անվտանգութեան հսկող  Սուրիոյ  բանակի  պաշտպանական դիրքերու  ուղղութեամբ։  Աւելի ուշ  ահաբեկիչներ  գործի դրած  են  ականուած ինքնաշարժներ, որոնց  պայթումին հետեւանքով զոհուած են    Սուրիոյ բանակի   29 զինուորներ։

 Բանակի  մօտիկ աղբիւրներ  նաեւ  հաղորդած են, որ  Սուրիոյ բանակի  ձեռնարկած    քայլերուն   հետեւանքով    մեծ թիւով  ահաբեկիչներ  սպաննուած են, իսկ անոնցմէ կարեւոր մաս մը ստիպուած եղած է նահանջել, մարտի  դաշտին մէջ թողելով    մեծ   քանակութեամբ  զէնք եւ զինամթերք։

      Ներկայ պահու դրութեամբ    շրջանին մէջ կը տիրէ զգուշաւոր  հանդարտութիւն։