Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրներէն առնելով իր տեղեկութիւնները «Ալ Ժումհուրիա» կայքը հաղորդեց, որ ընդհանուր թիւին վրայ այսօր աւելցած են 17 նոր հիւանդներ։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ «Սայիտաթ մահունաթ» հիւանդանոցին մէջ մահացած է հիւանդ մը, այդպիսով «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 12-ի։
«Ալ Ժումհուրիյա» նաեւ հաղորդեց, որ այս պատկերով վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հասաւ 463-ի։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» վարակին հետեւանքով զոհուածներու շարքին է լիբանանահայ Պետիկ Օղկասեանը ( 46 տարեկան)։