image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի տագնապ. Առաջին անգամ ըլլալով Ուհանի մէջ նոր պարագաներ չեն գրանցուած

«Քորոնա»ի տագնապ.   Առաջին անգամ ըլլալով  Ուհանի մէջ նոր   պարագաներ  չեն գրանցուած

Անցեալ  դեկտեմբերին մոլեգնած  «Քորոնա»  վարակի  տարածումէն ասդին  առաջին անգամ   ըլլալով      Ուհանի մէջ   նոր  վարակակիրներ չեն գրանցուած։

Այս   մասին տեղեկանքը հաղորդած է  «Ալ Արապիա»  կայանը նշելով   նաեւ, որ աննցող   ժամերուն  Չինաստանի այլ քաղաքներէն, ինչպէս նաեւ արտերկրէն դէպի Ուհան  մեծ ներհոսք  գրանցուած է։

 Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ,  որ Ուհանը  կը համարուի  «Քորոնա»   վարակի   կարեւորագոյն  օճախը եւ այս  օրերուն քաղաքը  յայտնուած է   վերակազդուրման եւ վերակազմակերպման   վիճակի մը մէջ։

Ի դէպ նոյն առումով  չինական մէկէ աւելի լրատուական  ծառայութիւններ   տեսանիւթեր   տարածած են, ուր   երեւելի կը  դառնայ՛ թէ չին  բժիշկներ  եւ գործիչներ առ  ի նշան   մահաբեր վարակի նօսրացման իրենց դիմակները կը նետեն։ Յիշեցնենք, որ   Չինաստան կը շարունակէ   գլխաւորել  «Քորոնա»   վարակի   ընդհանուր թիւերու աղիւսակը. Այդ երկրին մէջ   գրանցուած վարակակիրներու թիւը   հասած է  շուրջ  81  հազարի, բուժուածներունը 84 ՝  հազարի, իսկ  զոհերունը  8.800-ի։