image

«Թուրքիան մեզ տեղեակ չէր պահած...» Ռուսաստանի ՊՆ-ի յայտարարութիւնը

«Թուրքիան  մեզ  տեղեակ չէր պահած...» Ռուսաստանի ՊՆ-ի յայտարարութիւնը

 Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը  ուշագրաւ յայտարարութիւն մը տարածեց   Իտլիպի   մէջ երէկ գրանցուած    զարգացումներուն վերաբերեալ։

 ՌԴ-ի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը  նկատել տուաւ,  որ   Անգարա   զիրենք  տեղեակ չէր պահած, որ Իտլիպի մէջ     թրքական բանակի  զինուորներ կան։

Հաղորդագրութեան մէջ  նաեւ կ՚ըսուի, որ   ըստ   Սուրիոյ մէջ  ծառայութիւն  մատուցող      ռուսական    աղբիւրներու  ահաբեկիչներ    կը պատրաստուէին գրոհ մը կատարել  Սուրիոյ բանակին  եւ  ռուսական կողմը  իր   քայլով   կանխեց այդ մէկը։

Ռուսաստան նաեւ նկատել տուաւ, որ իրենք  մեծ  ճիգեր  իրականացուցած են, որպէսզի երէկ  տիրող   մթնոլորտը  մեծ  պատերազմի  մը չվերածուի։

Յիշեցնենք, որ  երէկ  գիշեր         Թուրքիոյ բանակի    զինուորներ   սպաննուած  էին Իտլիպի մէջ։