image

Քուէյթի մէջ «Քորոնո» վարակը կրողներուն թիւը հասաւ 25-ի. Խիստ միջոցառումներ գործի կը դրուին

Քուէյթի մէջ    «Քորոնո» վարակը կրողներուն թիւը հասաւ 25-ի. Խիստ միջոցառումներ գործի կը դրուին

Քուէյթի  մէջ «Քորոնո» վարակը  կրողներուն թիւը կտրուկ   բարձրացած է։ Այս մասին  տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ  Արապիա»  կայանը նշելով նաեւ, որ այսօր  առաւօտ   հրապարակուած  վիճակագրութեան համաձայն   «Քորոնա»  վարակը կրողներուն թիւը  հասած է 25-ի։

Կը  նշուի նաեւ, որ   Քուէյթի   կառավարութիւնը      կարեւոր միջոցառումներ  կը գործադրէ  իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար։

Իրականացուած  միջոցառումներուն ամէնէն կարեւորը     երկրի  օդակայանին մօտ    յատուկ   պանդոկի մը տրամադրումն է այն  անհատներուն, որոնք  վարակի  աշխոյժ   երկիրներէն Քուէյթ  կը ժամանեն: 

Յիշեցնենք, որ  Քուէյթ   փակած է իր օդային  կապը՝  Իրանի եւ Չինաստանի հետ։