Եգիպտոս- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Եգիպտոսի մէջ երկրի ողջ պատմութեան ընթացքին մեծագոյն կազի պաշարներու ջրահանքեր յայտնաբերուած են: Այս մասին «Ալ Հայաթ» իր տեղեկութիւնները քաղած է իտալական «Էնի» նաւթային ընկերութիւնէն, որ նախօրօք մամլոյ հաղորդագրութիւն մը տարածելով յայտնած է, թէ եգիպտական ջուրերուն մէջ յայտնաբերուած կազային պաշարները կրնան բաւարարել եգիպտոսի կազի տեղական պահանջքները երկար ժամկէտներու վրայ: Ըստ ընկերութեան կազային պաշարները կը տարածուին 100 քիլոմեթր քառակուսիի վրայ եւ կը պարունակեն մինչեւ 30 թրիլիոն խորանարդ անառատ կազ: