Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք մահացաւ։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ Մայատին» կայանը։
Նշենք, որ երկար տարիներ Եգիպտոսը ղեկավարած նախագահը վերջին շրջանին յայտնուած էր առողջական բարդ վիճակի մը մէջ։
Ան 94 տարեկան էր։
Մուպարաքի մահով կը փակուի Եգիպտոսի արդի պատմութեան կարեւոր էջերէն մին։