image

Իրանի դէմ նոր պատիժներ

Իրանի դէմ նոր պատիժներ

ԱՄՆ-ն ընդլայնած է Իրանի հարցով կիրառուող սահմանափակումները՝ պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ներառելով Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդի ներկայացուցիչները: «Ռիա Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին նշուած է ԱՄՆ տնտեսութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Պատժամիջոցներու ենթարկուած են Իրանի 5 քաղաքացի՝ Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ապպաս Ալի Քատհոտաին, խորհուրդի քարտուղար Ահմատ Ճանաթին, խորհուրդի իրաւաբաններու խումբի անդամ Սիամաք Ռահփեյքը, իրաւաբան Մոկատամ Սատեքին, խորհուրդի անդամ Մոհամմատ Եազտին:

Տնտեսութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ իրանցիները պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած են ընտրութիւններուն չարաշահումներ ընելու համար: