image

Թուրքիան յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Իտլիպ

Թուրքիան յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Իտլիպ

Անգարան կը շարունակէ զօրացնել իր ռազմական ներկայութիւնը սուրիական Իտլիպի մէջ՝ նահանգին մէջ իր դիրքերու դէմ իրականացուած յարձակումէն ետք: «Ռիա Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան մամուլի քարտուղարը:

Անոր խօսքով՝ երկրի նախագահը հրահանգած է հետեւիլ իրադարձութիւններու զարգացման:

«ԹԱՍՍ» գործակալութեան տուեալներով՝ Թուրքիան երկուշաբթի հարուածած է սուրիական կառավարական բանակի դիրքերը՝ խոցելով 115 նպատակակէտ:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն նշած են, որ հարուածները եղած են ի պատասխան Իտլիպի մէջ իրենց դիտակէտերու ուղղութեամբ իրականացուած հրետակոծութեան:

Պատասխան հարուածներու ժամանակ սուրիական բանակի 101 զինուոր չէզոքացուած է, ինչպէս նաեւ 3 հրասայլ, 2 հրետանային դիրք եւ մէկ ուղղաթիռ: