image

«Թրամբ ֆաշիստ է...» Պարաք Օպամա

«Թրամբ  ֆաշիստ է...» Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպաման գործող նախագահ Տանըլտ Թրամբը «ֆաշիստ» անուանած է:


Ինչպէս կը նշէ nbcnews.com-ը, նման բացայայտմամբ հանդէս եկած է սենաթոր Թիմ Քէյնը: Քաղաքական գործիչն այս մասին պատմած է նախկին պետքարտուղար Հիլըրի Քլինթընի մասին վաւերագրական ֆիլմի նկարահանման ժամանակ:

Քէյնը մանրամասնած է, որ Օբաման Թրամբը «ֆաշիստ» անուանած է 2016-ի նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ իր հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ:

«Նախագահ Օպաման զանգեց ինծի եւ ըսաւ, որ պէտք է ամէն ինչ ընել ֆաշիստը Սպիտակ տունէն հեռու պահելու համար»,-պատմած է սենաթորը:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ այլ առիթով մը Օպաման այժմեան ղեկավարը «ամբոխավար» անուանած էր՝ ըսելով, որ ան իր վարքով կը վտանգէ ամերիկեան արժէքները:

Յիշեցնենք, որ 2020-ին ԱՄՆ-ի մէջ պիտի կայանան նախագահական ընտրութիւններ. Թրամբ կը պատրաստուի դարձեալ իր թեկնածութիւնն առաջադրել: