image

Հրատապ. Մեծ պայթում Ահզազի մէջ. Կան տասնեակ զոհեր (Վիտէօ)

Հրատապ. Մեծ   պայթում  Ահզազի մէջ. Կան տասնեակ  զոհեր (Վիտէօ)

Քիչ  առաջ   մեծ  պայթում մը ցնցած է Սուրիոյ    սահմանային «Ահզազ»    քաղաքը։

Այս  մասին տեղեկութիւնը  տրուած է  Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու մասին տեղեկութիւններ հաղորդող     էջեր։

Կը նշուի նաեւ   ականուած  մեծ բեռնակարգ մը  պայթած է՝  պատճառելով    մեծաթիւ   զոհեր եւ վիրաւորներ։

Կը  նշուի նաեւ, որ «Ահզազ»ը կը գտնուի Անգարայի  հովանիին տակ գործող   ռատիքալիստ   խմբաւորումներու   տիրապետութեան  տակ եւ  սոյն դէպքը  կու գայ անգամ մը եւս  փաստելու, որ Սուրիոյ ապահովութեան եւ   ամբողջական  խաղաղութեան միակ  երաշխիքը Սուրիոյ պետութիւնն  է եւ   պետութեան հովանիով ու նեցուկով գործող  սուրիական  բանակը։

Աղբիւրները կը հաղորդեն, որ եղած  պայթումը   իր տարողութեամբ  եւ պատճառած  վնասներով  աննախընթաց   դէպք է  այդ շրջանին   համար, որն անշուշտ,   հակառակ  թրքական    նկրտումներուն, կը  շարունակէ  համարուիլ  Սուրիոյ    անապահով   հատուածներէն մին։

Նախնական  տուեալներով  զոհերուն  թիւը  անցած է 10-ը։