image

Իրանցիք կը հաւատան, որ Պաղտատի վրայ յարձակման դէպքը կատարուած է Քուէյթի զօրակայանէն թռչող սարքերէ

Իրանցիք կը հաւատան, որ Պաղտատի վրայ յարձակման դէպքը կատարուած է Քուէյթի զօրակայանէն թռչող սարքերէ

ԱՄՆ-ի զինուած ուժերը Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի  «Ալ Քուտս» յատուկ ստորաբաժանման հրամանատար Քասէմ Սուլայմանին վերացնելու համար օգտագործած են անօդաչուներ, որոնք օդ բարձրացած են Քուէյթի ռազմակայանէն: Այդ մասին յայտարարած Է օդատիեզերական ուժերու հրամանատար զօրավար Ամիր Ալի Հաճիզատէն, կը տեղեկացնԷ «Արմենբրես»-ը:

«Սուլայմանին սպանելու համար ամերիկացիները կիրառած են ամբողջ շարք մը գործառոյթներ,-անոր խօսքը 23 յունուարին մէջբերած Է Tasnim գործակալութիւնը:-Այդ նպատակով տարածաշրջանին մէջ օդ բարձրացած են MQ-9 անօդաչուներ, եւ անոնց մեծ մասը թռած Է «Քուէյթի «Ալի ալ Սալիամ» կայանէն:

Զօրավարի խօսքով՝ «իրանական զինուած ուժերը զարմացած Էին, քանի որ օդ բարձրացած էին մեծ թիւով օդանաւեր՝ ծանր սպառազինութեամբ, եւ Թեհրանը չէր հասկանար՝ ինչ նպատակներ կը հետապնդեն անոնք»: «Ընդամէնը գործողութեան ներգրաւած էր առնուազն չորս ռազմակայան»,-աւելցուցած Է ան, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը: