image

Լիբանան. Կառավարութեան կազմութիւնը «Ժամերու հա՞րց»

Լիբանան. Կառավարութեան  կազմութիւնը  «Ժամերու հա՞րց»

Պէյրութէն  ստացուած  վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն Լիբանանի   նոր կառավարութեան կազմութիւնը  ընդամէնը «ժամերու հարց» է։

 

 

 Այս մասին գրող  աղբիւրներ նաեւ կը հաղորդեն,  որ    երկրի նշանակեալ  վարչապետ Հասսան Տիապ,  որ վերջին մէկ  շաբթուան ընթացքին բաւական լուռ  կերպով կը հետեւէր  գործընթացներուն  վաղը  շատ հաւանաբար պիտի  այցելէ     Պաապտայի  նախագահական  պալատ ու  երկրի նախագահ զօր. Միշէլ  Աունին    ներկայացնէ իր գլխաւորելիք  նախարարաց  խորհուրդի  կազմը։

 

 Կը  նշուի, որ     Տիապի  կազմելիք     դահլիճը  պիտի բաղկանայ    18 նախարարներէ, որուն  մաս  պիտի չկազմեն  քաղաքական    դէմքերը։

 Եթէ  դէպքերը  այս հունով զարգանան, ապա   չի բացառուիր, որ   Տիապ   ընդառաջած ըլլայ   ժողովուրդի  փափաքին  եւ վերջապէս կազմէ  երեք ամիսէ  ի վեր սպասուած  «թեքնոքրաթ» կառավարութիւն մը։

 

  Նոյն   խնդրի առնչութեամբ  եւ հակառակ ներկայացուած  վստահեցումներուն   քիչ    չեն  այն  խօսակցութիւնները, ըստ որոնց     նոր կառավարութեան   կազմութիւնը  այս անգամ  ալ   ի չիք  դառնայ,  զարգացում մը, որ    անսպասելի չէ, Լիբանանի  պէս խճճուած  քաղաքական   պատկեր ունեցող  երկրին համար։