image

Անցնցում իշխանափոխութիւն. Քապուս Պըն Սայիտի մահէն ետք Օմանի Սուլթան դարձած է Հայսամ Պըն Թարէք Պըն Թայմուր Ալ Սաիտը

Անցնցում իշխանափոխութիւն.  Քապուս  Պըն Սայիտի   մահէն  ետք Օմանի    Սուլթան  դարձած է  Հայսամ Պըն Թարէք  Պըն Թայմուր Ալ Սաիտը

Օմանի  մէջ    կարեւոր զարգացումներ գրանցուած են։  Այսօր  երկրի  նոր սուլթան նշանակուած է Հայսամ  Պըն Թարէք Պըն  Թայմուրը։

Այս մասին լուրը կը հաղորդէ   Sky News Arabic     կայանը։ 

Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ,  որ  նշանակումը   տեղի ունեցած  է Սուլթան  Քապուս  Պըն Սայիտի մահուընէն  ընդամէնը ժամեր անց։  Նորանշանակ  Սուլթանը  մինչ այդ եղած  է Օմանի մշակոյթի ու ժառանգութեան նախարար, ան  նաեւ  պատասխանատու  պաշտօններ  ունեցած է  երկրի արտաքին գործոց  նախարարութեան  համակարգին  մէջ։

Ինչ  կը վերաբերի       հանգուցեալ   Սուլթանին,   ապա  ան կարողացած էր    անխափան  կերպով   կառավարել    50  տարուան   ժամանակաշրջանի   մը  համար։

Միջազգային հարթակներու  վրայ բարի համբաւ  շահած  Սուլթան Քապուսը խաղաղութեան  համար  գործելու    համար    գնահատական   մետալներ եւ պատուագրեր ստացած էր    33   երկիրներէ։

Անոր  իշխանութեան  օրօք  երկիրը   ապրած էր   բարգաւաճման   եւ խաղաղութեան    շրջան մը։

Յիշեցնենք, որ Սուլթանը  2015  թուականէն ի վեր կը տառապէր անբուժելի   հիւանդութեամբ։

Նորանշանակ    Հայսամ  Պըն   Թարէք  Պըն Թայմուրի    Սուլթան  նշանակումով Օման  կը մտնէ  նոր  կարեւոր  փուլ մը։