image

Փութին գոհ է Մոսկուա-Անգարա գործակցութենէն

Փութին գոհ է Մոսկուա-Անգարա գործակցութենէն

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ փոխգործակցութիւնը կը զարգանայ բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ հակառակ շարք մը միջազգային խաղացողներու կողմէ ստեղծուող խոչընդոտներուն: ТАСС գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է «Թրքական հոսք» կազատարը շահագործման յանձնելու արարողութեան ժամանակ:


«Անդրսեւծովեան կազատարի շինարարութեան համատեղ լայնամաշտապ նախագիծի յաջող իրականացումը կը վկայէ այն մասին, որ ռուս-թրքական ռազմավարական գործընկերութիւնը զգալի, շօշափելի արդիւնքներ կու տայ: Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համագործակցութիւնն աստիճանաբար կը զարգանայ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Հակառակ աշխարհի մէջ տիրող բարդ իրավիճակին եւ շարք մը միջազգային խաղացողներու կողմէ ստեղծուող խոչընդոտներուն, որոնք ուղղուած են մեր երկիրներու միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնման խանգարելուն, աշխատանքը կ'ընթանայ իր հունով»,- ըսած է Փութինը:

ՌԴ նախագահը յիշեցուցած է, որ ռուսական կազի արտահանումը Թուրքիա կ'իրականացուի արդէն 30 տարի, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ անցեալ տարի թուրք գործընկերներուն 24 միլիառ խորանարտ մեթր կապոյտ վառելիք մատակարարուած է:

Փութինը նշած է, որ կազատարի ճիւղերէն մէկով կազը Թուրքիոյ տարածքով կը հասնի Պուլկարիա, Սերպիա, Յունաստան: «Այդպիսով, ռուսական կազի մատակարարումները «Թրքական հոսք» կազատարով անկասկած, մեծ նշանակութիւն պիտի ունենան ոչ միայն Թուրքիոյ եւ սեւծովեան տարածաշրջանի համար, այլեւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան հարաւեւրոպական երկիրներու զարգացման վրայ»,- ընդգծած է Փութինը: