image
Հրատապ լուրեր:

Թրամբ Իրանի դէմ նոր պատիժներու մասին խօսեցաւ

Թրամբ Իրանի դէմ նոր պատիժներու մասին  խօսեցաւ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ Սպիտակ տան մէջ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ անդրադառնալով Իրանի կողմէ Իրաքի մէջ ամերիկեան կայաններու դէմ յարձակմանն ու իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի սպանութեան, կը տեղեկացնէ CNN–ը:

«Քանի դեռ ես Միացեալ Նահանգներու նախագահն եմ, Իրանը երբեք միջուկային զէնք չունենար»,- ըսած է Թրամբը՝ աւելցնելով, որ Իրանը տարիներ շարունակ աջակցած է ահաբեկչութեան:

«Իրանական միջուկային ծրագրի շուրջ կնքուած պայմանագրի ժամկէտը շուտով կը սպառի, որ հնարաւորութիւն կու տայ Իրանին միջուկային առաջնընթաց գրանցել: Իրանը պէտք է մոռնայ միջուկային զէնքի շուրջ իր յաւակնութիւնները եւ վերջ դնէ ահաբեկչութեանն աջակցելուն: Մենք պէտք է բոլորս միասին աշխատինք Իրանի հետ գործարք կնքելու ուղղութեամբ, որ աշխարհը աւելի անվտանգ եւ խաղաղ կը դարձնէ»,- ըսած է Թրամբը:

Անդրադառնալով աւելի վաղ ամերիկեան օդուժի կայաններու ռմբակոծման՝ ԱՄՆ առաջնորդը յայտարարած է, որ ոչ մէկ ամերիկացի զոհուած է, քանի որ ամերիկեան նախազգուշացման համակարգերըը շատ լաւ աշխատած են: Յիշեցնենք, որ իրանական աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Էրպիլ եւ Անպար նահանգներուն մէջ իրականացուած օդային հարուածներու հետեւանքով 80 մարդ զոհուած էր: