image

«Պահպանուած սենեակներ» եւ արդիական զօրակայան. Ինչ միջոցներով պաշտպանուած են Իրաք գտնուող ամերիկացի զինուորները

«Պահպանուած  սենեակներ» եւ  արդիական   զօրակայան. Ինչ միջոցներով  պաշտպանուած են  Իրաք գտնուող ամերիկացի զինուորները

«Սքայ նիւթ  արապիք»   կայանը  ուշագրաւ  տեղեկութիւններ հաղորդած է    Իրաքի մէջ ամերիկեան  զօրակայաններուն մասին, նշելով, որ  մասնաւորապէս «Այն  ալ  ասատ»  անունը   կրող    զօրակայանը   գերարդիական  զօրակայան է, եւ անոր   ունեցած   ապահովական      համակարգը         կարողացած է պահպանել  Իրաք  գտնուող    ամերիկացի  զինուորներուն անվտանգութիւնը։

Կը  նշուի  նաեւ,  որ    մասնաւորապէս «Այն  ալ ասատ»   զօրակայանը   ունի    ապահովական  յատուկ   սենեակներ,  որոնք  գերարդիական  կարողականութիւն ունեցող թաքստոցներ են։

Այդ  սենեակները պատրաստուած են  այնպիսի  հնարաւորութիւններով, ուր  ցանկացած զինուորական  կրնայ առանց  կարիքներ ունենալու ապրիլ մէկ  ամսուան ժամանակով մը։

Կը նշուի   նաեւ,  որ    ամերիկացի    զինուորներ կարողացած են  այդ սենեակները  հասնիլ   զօրակայանին  մէջ տեղադրուած    կանխազգուշացման  համակարգերուն  շնորհիւ,  որոնք գործի  կը դրուին       եւ   ահազանգ կը հնչեցնեն        գրոհներէն  առաջ։

Յիշեցնենք, որ   մինչ իրանեան  աղբիւրներ կը հաղորդեն   ամերիկացի մեծաթիւ  զոհերու մասին, անդին ամերիկեան եւ եւրոպական  մէկէ աւելի հեղինակաւոր     աղբիւրներ կը   յայտարարեն, որ  գրոհին հետեւանքով զոհեր չեն  գրանցուած։

2018  թուականի դեկտեմբեր ամսուան  ընթացքին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ այցելութիւն տուած էր   «Այն  ալ ասատ»  զօրակայան։