image

Թեհրան մտադիր չէ դուրս գալ Միջուկային համաձայնագրէն

Թեհրան մտադիր չէ դուրս գալ Միջուկային համաձայնագրէն

Թեհրանը մտադիր չէ դուրս գալ միջուկային գործարքէն: «Ռիա Նովոսթի»ի փոխանցմամբ՝ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Ապպաս Արաքչին՝ Ճափոնի ԱԳ նախարար Թոսիմիցու Մոթեքիի հետ հանդիպման ժամանակ:

«Մեր նպատակը Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրէն դուրս գալը չէ, սակայն մէկ տարի համբերելէ ետք եւ եւրոպական կողմէ պարտաւորուածութիւններու չկատարելու պարագային մենք որոշած ենք կրճատել մեր պարտաւորուածութիւնները»,- ըսած է Արաքչին:

Վերջինս աւելցուցած է, որ, երբ չեղարկուին Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները եւ երկիրը կարենայ օգտուիլ միջուկային գործարքով սահմանուող առաւելութիւններէն, Թեհրանը կը վերադառնայ այն դրոյթներու իրագործման, որոնցմէ հրաժարած է: