image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին ժամ. Լարուած իրավիճակ Պէյրութի կարեւոր շրջաններու մէջ.Կան վիրաւորներ (Վիտէօ)

Վերջին ժամ.  Լարուած  իրավիճակ  Պէյրութի    կարեւոր  շրջաններու  մէջ.Կան  վիրաւորներ (Վիտէօ)

Լարուած  իրավիճակ կը տիրէ  Պէյրութի  Այն  ալ Ռըմանէ  եւ Պիքֆայա  շրջաններուն մէջ։

Այս մասին  տեղեկութիւնը  հաղորդեց  «Էլ.Պի. Սի. Այ.» կայանը։

 

Ըստ աղբիւրին  մինչ Այն  ալ  Ռըմանէյի  մէջ      բախումները եղած են մէկ կողմէ  շրջանի  քրիստոնեայ բնակիչներուն եւ  «Հըզպալլա»ի  մօտիկ համարուող  տարրերու  միջեւ,  անդին Պիքֆայայի մէջ      իրար  դէմ ելած են  նախագահ Աունի    «Ազգային  ազատ հոսանք»  կուսակցութեան  հետեւորդներն ու  Պիքֆայաի մէջ մեծամասնութիւն կազմող «Քաթայիպ»   («Փաղանգաւոր»)   կուսակցութեան անդամները։ Վերջինները   քարեր նետելով  փորձած են կասեցնել     Աունի  համակիրներու   գիւղաքաղաք  մուտքը։

Ուշագրաւ է,  որ    այսօր  երեկոյեան   Պէյրութի  մէջ  եղող  բախումներուն ընթացքին  երեւելի դարձած  է  միջ-կուսակցական  լարուածութիւն, իսկ   քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ  մինչեւ այս պահը չեն մեկնաբանած      եղած  զարգացումները։

Ընդհանուր  առմամբ    բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են  տասը  անձեր։