image

Վերջին ժամ. Լայնածաւալ ցոյցեր Իրանի մէջ. Իրանեան 100-է աւելի քաղաքներու մէջ ցոյցեր տեղի ունեցան

Վերջին ժամ. Լայնածաւալ  ցոյցեր Իրանի  մէջ. Իրանեան  100-է աւելի  քաղաքներու  մէջ ցոյցեր  տեղի ունեցան

Իրանեան  հարիւրէ  աւելի քաղաքներու  մէջ  լայնածաւալ  ցոյցեր տեղի  ունեցած են։

Այս  մասին  լուրը կը հաղորդէ   «Ալ Արապիա»  կայանը  նշելով նաեւ, որ ցուցարարները  բողոքի հաւաք կը կայացնեն մերժելու  համար   պէնզի սակին թանկացումը, որուն  մասին  երկրի  խորհրդարանը  որոշում   կայացուցած էր։

Կը նշուի նաեւ, որ ամէնէն   աւելի մարդաշատ  ցոյցերը  տեղի ունեցած են  Շահրայար, Ռըպաթ Քէրիմ եւ Շիրազ   քաղաքներուն մէջ։

Շիրազ  քաղաքի մէջ ցուցարները հրկիզած են  քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ  գտնուող  երկու  դրամատուներ,  եւ բողոքի ալիքին միացած են  քաղաքի  ուսանողները։

Կը նշուի, որ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին  զոհուած  են 36 անձեր, իսկ ձերբակալուածներուն թիւը հասած է  1000-ի։

Ըստ  «Ալ Արապիյա»  կայանին    Իրանի  մէջ  տեղի ունեցածը «Պենզինի   յեղափոխութիւն» է։